Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ իտալական Եուվենթուսի 36 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ գերազանցեց ֆրանսացի Միշել Փլաթինիի մրցանիշը` հանդիսանալով Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն ամէնէն երիտասարդ խմբապետը, որ կը դառնայ լաւագոյն ռմբաձիգը:
Միշել Փլաթինի 1984-ին Եւրոպայի ախոյեանութեան ընթացքին 9 կոլով լաւագոյն ռմբաձիգը դարձած էր` 29 տարեկան եւ մէկ ամսական:
«Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Ռոնալտօ մասնակցեցաւ 4 մրցումի (360 վայրկեան), նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց էսիսթ մը: Ան իր հինգ կոլերէն երեքը նշանակեց փենալթիով:
Նոյնքան կոլ նշանակեց նաեւ Չեխիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Փաթրիք Շիք, որ մասնակցեցաւ 5 մրցումի (404 վայրկեան), սակայն առանց էսիսթի:
Մրցաշարքի օրէնքներուն համաձայն, «Ոսկիէ կօշիկ»-ին կ՛արժանանայ այն ֆութպոլիստը, որ աւելի շատ էսիսթ կը կատարէ:
5-րդ անգամ ըլլալով Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասնակցած Ռոնալտօ 14 կոլով կը հանդիսանայ մրցանշակիր: