Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւններուն նոր նախագահ ընտրուեցաւ` փոխարինելով Արթուր Յարութիւնեանը, որ 2016-էն ի վեր իր այս պաշտօնը կը վարէր:
«Առաջին հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի վստահուած այս նոր պաշտօնին համար: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք նաեւ Արթուր Յարութիւնեանին, որ 2016-էն ի վեր մեծ յաջողութեամբ վարեց իր պաշտօնը: Յոյսով եմ, որ, իմ կարգիս, լաւապէս կը կատարեմ այս պաշտօնը եւ կ՛արդարացնեմ իմ վրաս դրուած յոյսերը: Անկասկած պիտի աշխատիմ այս մարզաձեւին մէջ ձեռք ձգել առաւելագոյն յաջողութիւնը», ըսաւ ֆետերասիոնին նոր նախագահը: