30 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
2 սեպտեմբերին հայրենի կազմը, 2023-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ֆարօ կղզիները, իսկ 7 սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ:
Ուրարտուի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ ակումբին մաս կազմող 4 ֆութպոլիստներ` Նարեկ Գրիգորեան, Նարեկ Աղասարեան, Սերկէյ Մկրտչեան եւ Տիգրան Այունց հաւաքական հրաւիրուածներու կարգին են: