Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հիլ Քլայմպ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը, Մըրէյժաթի շրջանին մէջ (Պեքաա):
Ինչպէս ծանօթ է, մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 21 ինքնաշարժներ:
Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի տիրացաւ այս հանգրուանի մրցումի տիտղոսին, իր ինքնաշարժին` «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ -6»-ի հետ արձանագրելով 3′ 45” 78 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: