Անգլիական Էվըրթընի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յառաջապահ Ռիշարլիսոն շատ հաւանական է, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Փարիզեան կազմին ղեկավարութիւնը 24 տարեկան ֆութպոլիստը կը նկատէ հաւանական փոխարինողը աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին, որ այս ամրան ընթացքին կամ յառաջիկայ ամառ պիտի հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն:
Նշուեցաւ, որ Ռիշարլիսըն բաւական սերտ յարաբերութիւններ ունի Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ, ինչ որ կրնայ արագացնել անոր տեղափոխութիւնը:
Նախորդ տարեշրջանին ան Էվըրթընի հետ կատարեց 40 մրցում, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:
Ան Պրազիլի խումբին հետ հանդիսացաւ ողիմպիական խաղերու ֆութպոլի մրցաշարքի ախոյեան:



