Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ, «Եուրոփա-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ-օֆի հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, պիտի ճակատի Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեան Կլասքօ Ռէյնճըրզի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի հանրապետական դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ երթի մրցումը, որ տեղի ունեցած էր Սկովտիոյ մէջ, աւարտած էր դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Երէկ հրապարակուած լուրերուն համաձայն, սկովտիական կազմը յայտարարեց, որ ակումբին մարզիկներէն ոմանք վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
Բնականաբար, անոնք բոլորն ալ անմիջապէս ինքնամեկուսացուեցան:
Խումբին գլխաւոր մարզիչը` Սթիւըն Ժերար եւ վեց այլ ֆութպոլիստներ, երէկ Ռէյնճըրզի պատուիրակութեան հետ չժամանեցին Երեւան:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կազմը յաղթանակ մը արձանագրէ եւ ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: