Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Անգլիոյ մէջ` վերադառնալով Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Անգլիական «Տը Միրըր» օրաթերթը հաղորդեց, որ մանչեսթըրեան ակումբը այժմէն իսկ կը պատրաստուի լուրջ ներդրումներ կատարել յառաջիկայ տարեշրջանին գծով իր կազմը աւելի զօրացնելու համար:
Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, Եուվենթուս համաձայն է, փոխան 25 միլիոն սթերլինկի, ծախել Ռոնալտոյին:
Անգլիական կազմը գրեթէ համամիտ է այս գաղափարին, մանաւանդ որ ան նախապէս բաւական լաւ արդիւնք արձանագրած է իր անցեալի ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Ռոնալտօ իր կազմին կատարած մրցումին նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ:



