Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, 3-5 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու 2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Կազմակերպիչ ակումբը երէկ հրապարակեց անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող 26 վարորդներուն եւ անոր օգնականներուն անունները` նկատի ունենալով, որ երէկ վերջին պայմանաժամն էր արձանագրութեան:
Այս ռելիին ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 478,83 քմ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բնականաբար պիտի բերեն երկու անուանի եւ փորձառու վարորդներ` լիբանանցի Ռոժէ Ֆըղալի եւ քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ:
Իսկ օգնական վարորդներուն կարգին են լիբանանահայ Վիգէն Գանլըճեան եւ յորդանանահայ Մուսա Ճիյերեան:



