Լոնտոնեան Արսենալ ֆութպոլի ակումբը սկսաւ բանակցիլ իտալացի փորձառու մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէի հետ: Այս մասին յայտնեց անգլիական «Տը Թայմզ»-ը:
Նշենք, որ անգլիական ակումբը դժգոհ է իր սպանացի մարզիչէն` Միկել Արթեթայէն, եւ կը փնտռէ նոր մարզիչ մը:
Յայտնենք նաեւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») 2021-2022 տարեշրջանին գծով իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն ալ Արսենալ պարտութիւն կրեց:
Քոնթէի գլխաւորութեամբ, Ինթեր Միլան նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան: