Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին սպանական Ռէալ Մատրիտ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ կ՛երկարաձգէ իր համագործակցութիւնը խումբին միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէի հետ:
Այսպիսով, 23 տարեկան ուրուկուէյցի ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2027:
Վալվերտէ, որ Ռէալ Մատրիտի սան է, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 33 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ արձանագրեց էսիսթ մը: