Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենդի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքին, որ նուիրուած էր Ազգամովի յիշատակին, տիտղոսակիր դարձաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Շանթ Սարգսեան:
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սարգսեան առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով առանձինն գրաւեց պարագլուխի դիրքը:
Տիգրան Յարութիւնեան 6,5 կէտով բաժնեց 2-7-րդ դիրքը:
Կրանտմասթըրներ Մանուէլ Պետրոսեան եւ Վահէ Պետրոսեան յաջորդաբար ապահովեցին 6 եւ 4,5 կէտ:
Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 երկիրներէ 65 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 19 կրանտմասթըրներ: