Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 23 կրան-շլեմի միջազգային մրցաշարքերու ախոյեան հանդիսացած, ամերիկացի Սերենա Ուիլիամս իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի կրան-շլեմի բաց մրցաշարքին:
39 տարեկան Սերենա վերջերս տեղի ունեցած Ուիմպըլտընի կրան-շլեմի բաց մրցաշարքին ստացած էր ազդրի վնասուածք:
«Բժիշկներուն երկարատեւ ուսումնասիրութիւններէն ետք որոշեցինք, որ չմասնակցիմ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ի կրան-շլեմի բաց մրցաշարքին:
«Անոնց համաձայն, յաւելեալ ժամանակի պէտք ունիմ` ամբողջութեամբ ապաքինելու համար», ըսաւ Սերենա:
Նշենք, որ «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ.»-ին մեկնարկը պիտի տրուի 30 օգոստոսին: