Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբին գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եիւրկըն Քլոփ ենթարկուեցաւ աչքի յաջող վիրաբուժութեան եւ յետ այսու ակնոցի կարիք պիտի չունենայ, որովհետեւ անոր տեսողութիւնը բնական դարձած է:
Տեղի ունեցած այս վիրաբուժութենէն ետք, ան ըսաւ. «Կրնամ ըսել, որ ունեցայ յաջող վիրաբուժութիւն մը եւ արդէն լաւ կը տեսնեմ: Ակնոց դնելու սկսայ, երբ տասը տարեկան էի եւ զայն գործածեցի 44 երկար տարիներ: