Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ կը շարունակէ իր փորձերը` ամէն գնով ձեռք ձգելու համար Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի 22 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի ստորագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ունենալու համար պատրաստ է վճարելու 180 միլիոն եւրօ:
Վերջերս փարիզեան կազմը մերժեց Ռէալ Մատրիտի 160 միլիոն եւրոյի առաջարկը: