Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ գերմանական Պորուսիա Տորթմունտի 21 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, իր ելոյթները պիտի շարունակէ գերմանական ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց երկրին հանրածանօթ օրաթերթերէն «Պիլտ»-ը:
Հաալանտ յայտնեց, որ թէեւ առաջարկ մը ստացաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենէն, սակայն որոշեց հրաժարիլ այդ տեղափոխութենէն:
Նշուեցաւ, որ ան կը փափաքի տարեշրջան մը եւս մնալ Գերմանիոյ մէջ, որպէսզի յառաջիկայ ամառ տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ:
Անոր պայմանագիրին մէջ կայ կէտ մը, ըստ որուն, 2022-ի ամրան, ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը կարելի է ունենալ 75 միլիոն եւրոյով:
Ան մինչեւ 30 յունիս 2024 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Տորթմունտի հետ:



