«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»- ի գործադիր կոմիտէին որոշումով, տեսակրկնապատկերներու «ՎԱՐ» համակարգը պիտի կիրարկուի 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանէն սկսեալ` բոլոր մրցումներուն ընթացքին:
Այս ուղղութեամբ երէկ` կիրակի, 29 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ակադեմիա այցելեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի եւ ՖԻՖԱ-ի իրաւարարներու տեսուչ Կարէն Նալբանդեան:
Նպատակն էր, ազգային հաւաքականին եւ մարզիչներու խմբակին «ՎԱՐ» համակարգի կիրարկման առանձնայատկութիւնները ծանօթացնել:
Ան մանրամասն ներկայացուց, թէ ո՛ր դէպքերուն կը կիրարկուի «ՎԱՐ»-ը եւ ո՛ր դէպքերուն ֆութպոլիստները պէտք չէ սպասեն անոր միջամտութեան:
Ֆութպոլիստները եւ մարզիչները նաեւ կարելիութիւն ստացան Նալբանդեանին ուղղել զիրենք հետաքրքրող հարցերը եւ անկէ ստանալ համապատասխան լուսաբանութիւններ: