Լոնտոնեան Արսենալը, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն, 5-0 ծանր արդիւնքով պարտուած հեռացաւ երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի դաշտէն, այսպիսով կրելով իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Վերջին անգամ Արսենալ Անգլիոյ ախոյեանութիւնը երեք պարտութեամբ սկսած էր 1954-1955 տարեշրջանին, այս մասին յայտնեց անգլիական մամուլը:
Բացի ատկէ, 1953-1954 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով լոնտոնեան ակումբը չի յաջողիր կոլ նշանակել` մեկնարկային առաջին հանգրուանի մրցումներուն:
Նշենք, որ նախորդ երկու հանգրուանի մրցումներուն, Միկել Արթեթայի գլխաւորած կազմը պարտուած էր Պրենթֆորտէն (2-0) եւ Չելսիէն (2-0):