Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Յովհաննիսեան 100 տոկոսնոց ցուցանիշով միանձնեայ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Ան իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց (ճերմակ քարերով) գերմանացի Նիքլաս Հուշչենպեթի դէմ` ապահովելով առաւելագոյն 4 կէտը:
Այս հանգրուանին յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ` Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, մինչ Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան իրենց մրցումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ Գաբուզեան 11 այլ ճատրակ խաղացողներու հետ կը բաժնէ 2-13-րդ դիրքերը. անոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին 3,5-ական կէտ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 36 երկիրներէ 180 ճատրակ խաղացողներ: