Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը` ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը պիտի աւարտի 5 սեպտեմբերին:
Այս հաւաքին ընթացքին հաւաքականը պիտի կատարէ նաեւ ֆութպոլի բարեկամական երկու մրցում:
3 եւ 5 սեպտեմբերին հայրենի կազմին մրցակիցը պիտի ըլլայ Լիթուանիա:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան:



