Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան բաւական տպաւորիչ ձեւով սկսաւ արագ ճատրակի «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» առցանց մրցաշարքը, որուն առաջին հինգ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք միանձնեայ կը գլխաւորէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Առաջին հինգ հանգրուանի մրցումներուն Արոնեան յաղթեց Լէ Կուանկ Լիեմի (Վիեթնամ), Էրիք Հենսընի (Քանատա), Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի (Ֆրանսա), մինչ հաւասարութիւններ արձանագրեց Ալիրեզա Ֆիրուզայի (Ֆրանսա) եւ Տանիէլ Նարոտիցքիի (Միացեալ Նահանգներ) հետ:
5-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Արոնեան, որ ունի 4 կէտ, կէտով մը կը գերազանցէ նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընին:
Շաբաթ, 28 օգոստոսին սկսած այս մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 5 սեպտեմբերին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 16 ճատրակ խաղացողներ: