– Մանչեսթըր Քաղաքի 2 Խումբերը`
Յաղթական
Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») Գ. հանգրուանի մրցումները:
Լոնտոնեան Թոթենհամը` հանդիսացաւ միակ խումբը, որ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը:
Թոթենհամ, որ հիւրընկալեց Ուաթֆորտը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց, հարաւային քորէացի Հէունկ-Մին Սոն, 42-րդ վայրկեանին:
Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի երկու խումբերը` Սիթի եւ Եունայթըտ:
Երկրին գործող ախոյեանը` Սիթի, 5-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Արսենալը:
Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 2-0 արդիւնքով, Արսենալին մաս կազմող զուիցերիացի միջնապահ Կրանիթ Էքսհաքա կարմիր քարտ մը ստացաւ 35-րդ վայրկեանին:
Իսկ Եունայթըտ իր յաղթանակը արձանագրեց Վուլվզի դաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով:
80-րդ վայրկեանին Մէյսըն Կրինվուտ նշանակեց Եունայթըտի եւ մրցումին միակ կոլը:
Լիվըրփուլ-Չելսի ճակատումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Եգիպտացի Մոհամետ Սալահ Ա. կիսախաղի դադարէն առաջ (45+5-րդ) նշանակեց Լիվըրփուլի հաւասարութեան կոլը: