Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած պիչ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը վերջ գտաւ դաշտին տիրոջ` Ռուսիոյ յաղթանակով, որ 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ճափոնի դէմ:
Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ զուիցերիացի Էլիոթ Մոնոտ:
Այսպիսով, Ռուսիա հանդիսացաւ աշխարհի եռակի ախոյեան` կրկնելով 2011-ի եւ 2013-ի իր յաջողութիւնը:



