Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») Գ. հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Հերթա Պերլինը, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, 5-0 արդիւնքով:
Հերթա Պերլին այսպիսով կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը:
Պայէրնի առաջին կոլը նշանակեց Թոմաս Միւլըր (6-րդ), մինչ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (35-րդ, 70-րդ եւ 84-րդ):
33 տարեկան ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար 13-րդ մրցումն ըլլալով կոլ կը նշանակէ «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն, այսպիսով նշանակեց իր 300-րդ կոլը` Պայէրն Միւնիխի հետ: