Արագ ճատրակի «Էյմչես ԵՈՒ. ԷՍ. Ռափիտ» առցանց մրցաշարքին 10-րդ հանգրուանի ճակատումներէն ետք, այժմ ռուս Վլատիսլաւ Արտեմիեւ, որ ապահոված է 7,5 կէտ, միանձնեայ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որոնք ապահոված են 7-ական կէտ, կը բաժնեն երկրորդ դիրքը:
10-րդ հանգրուանին Արոնեան արձանագրեց հինգ յաղթանակ, չորս հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը, այդ ալ` Արտեմիեւէն:
Նախնական հանգրուանէն ետք կը կատարուի հինգ հանգրուան եւս, որմէ ետք առաջին ութ դիրքերը գրաւողները կը մասնակցին փլէյ օֆի մրցումներուն:



