Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ մարզական ենթակառուցուածքներու զարգացման, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Աբովեանի մէջ վերսկսան քաղաքային մարզադաշտի շինարարական աշխատանքները` որոշակի դադարէ ետք:
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Վանաձորի քաղաքային մարզադաշտին գծով:
Ֆետերասիոնին պատասխանատուները այցելեցին վերոնշեալ քաղաքները եւ հոն ծանօթացան կատարուող աշխատանքներուն ու հեռանկարներուն: