Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ շարունակուող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Գաբուզեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան առանց ոչ իսկ մէկ կէտ կորսնցնելու յառաջատարներու կարգին են:
Անոնք երկուքը այժմ ունին 3-ական կէտ եւ վեց յառաջատարներու կարգին են:
Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Յովհաննիսեան սեւ քարերով յաղթեց ուքրանացի Վիթալի Սիվուքի, մինչ Գաբուզեան` գերմանացի Տանիէլ Ֆրիտմանի:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Սամուէլ Տէր Սահակեան, այս հանգրուանին իրենց հանդիպումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 36 երկիրներէ 180 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 69 կրանտմասթըրներ:
Նշենք, որ Սարգսեան երկրորդ ամէնէն բարձր վարկանիշով (2682) ճատրակ խաղացողն է: Առաջին դիրքին վրայ է անգլիացի Քեւըն Ճոնսըն (2684):