Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, Եւրոպայի գօտիի Ժ. խմբակին մէջ, կը կատարէ իր վեցերորդ մրցումը, երբ կը մրցի Լիխթնշթայնի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ գտնուող Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սպանացի մասնագէտ Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած Հայաստանի հաւաքականը այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 10 կէտ:
Հայրենի կազմը ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ, հաւասարութիւն մը եւ կրած պարտութիւն մը:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը 12 կէտով կը գրաւէ Գերմանիա, որ արձանագրած է չորս յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան ամէն գնով իր հիւրէն խլէ առաւելագոյն երեք կէտը` դասաւորման մէջ աւելի չնահանջելու համար:
Նշենք, որ Լիխթնշթայն ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն բոլորին ալ պարտութիւն կրած է: