Եւրոպայի 2023 տարուան ֆութպոլի ախոյեանութեան («Եւրօ-2023») 21 տարեկանէն վար զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ուքրանիոյ դէմ, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Ը. խմբակին 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսպիսով Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը Ուքրանիայէն հեռացաւ պարտուած, կրելով մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը, իր արձանագրած միակ յաղթանակին կողքին:
Նշենք, որ Ուքրանիա, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, արձանագրած է երկու յաղթանակ:
Հայաստանի կոլը նշանակեց Արսէն Գալստեան, Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն (45+4-րդ):
Հայաստանի խմբակին մէջ են նաեւ Ֆրանսա, Ֆարօ կղզիներ, Սերպիա եւ Մակեդոնիա: