Արձանագրելով 6-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը` Նետերլանտներ ջախջախեցին Թուրքիան, 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ:
Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ Մեմֆիս Տեփայ, որ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ (16-րդ, 38-րդ` փենալթիով եւ 54-րդ):
Նշուեցաւ, որ իր նշանակած կոլերուն շնորհիւ ան հաւասարեցաւ անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Փաթրիք Քլուիվերթի` Նետերլանտներու հետ հաստատած ցուցանիշին:
Այս տարուան ընթացքին ան նշանակած է 12 կոլ: Այդ ցուցանիշը Քլուիվերթ իրագործած էր 2000-ին: