Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականին, որ տեղի կ՛ունենայ առցանց դրութեամբ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը:
Առաջին երեք հանգրուանի հանդիպումներուն, հայրենի կազմը յաղթեց Վրաստանին (3,5-2,5), պարտուեցաւ Իրանէն (4-2) եւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Յունաստանի հետ (3-3):
Յաջորդ հանգրուաններուն Հայաստան պիտի մրցի Ռումանիոյ, Ղազախստանի, Աւստրալիոյ, Մոնկոլիոյ, Ինտոնեզիոյ եւ Չինաստանի դէմ:
Նշենք, որ Հայաստանի հաւաքականի կազմին հետ հանդէս կու գան Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Արամ Յակոբեան, Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան եւ Աննա Սարգսեան: