Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, երէկ Ռէալ Մատրիտ ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` Էտուարտօ Քամավինկան:
18 տարեկան Քամավինկա, ժամանելէ ետք մայրաքաղաք Մատրիտ, ենթարկուեցաւ յաջող բժշկական քննութիւններու, որոնցմէ ետք միացաւ իր կազմին եւ իր նոր խմբակիցներուն հետ սկսաւ իր փորձերուն:
Արքայական ակումբին հետ ան դաշտ պիտի ներկայանայ` կրելով թիւ 25 մարզաշապիկը:
Կողմերուն միջեւ պայմանագիրի ժամկէտը նախատեսուած է մինչեւ 2027-ի ամառ: