Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Դանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը Զ. խմբակին մէջ 5-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Իսրայէլի դէմ, 6-րդ հանգրուանին գծով:
Դանիոյ համար այս յաղթանակը եղաւ յաջորդական 6-րդը:
Այս հարիւր տոկոս արդիւնքէն բացի, անիկա բացառիկ ցուցանիշ մըն ալ ունեցաւ` նշանակելով 22 կոլ եւ իր բերդին մէջ ոչ իսկ կոլ մը ստանալով: