Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ սկսած «Չեմփիընզ Շոտաուն Չես 9 ԷԼ. ԷՔՍ.» ճատրակի մրցաշարքին մասնակցողներուն կարգին է նաեւ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան:
Առաջին երեք հանգրուանի մրցումներուն, Արոնեան յաղթեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրային, պարտուեցաւ ռուս Փիոթր Սվիտլերէն եւ հաւասարութիւն մը արձանագրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայի հետ:
Այժմ Լեւոն Արոնեան 1,5 կէտով կը բաժնէ 5-7-րդ դիրքերը:
Պարագլուխի դիրքին վրայ առանձինն կը գտնուի Քարաուանա` 2,5 կէտով: