Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարուելիք Սեւիլլա-Պարսելոնա մրցումը, որ նախատեսուած էր 11 սեպտեմբերին, յետաձգուեցաւ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ասոր պատճառը այն էր, որ ՖԻՖԱ-ն երկարաձգեց Հարաւային Ամերիկայի խումբերուն մաս կազմող ֆութպոլիստներուն դադարը:
Թէեւ «Լա Լիկա»-ն դիմած էր Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, որ այս մրցումը յետաձգէ, սակայն մերժում ստացած էր անկէ:
Այս յետաձգման որոշումը տուաւ Սպանիոյ մարզական գերագոյն խորհուրդը («ՍԻ. ԷՍ. ՏԻ.»):
Սակայն նշուեցաւ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի կատարելիք մրցումները չյետաձգուեցան:
Անոնք երկուքն ալ դժգոհ մնացին տրուած այս որոշումէն` նկատի ունենալով, որ իրենք եւս ունին ֆութպոլիստներ, որոնք Հարաւային Ամերիկայի ազգային խումբերուն մաս կը կազմեն: