Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող սպանացի միջազգային յառաջապահ Ժերար Փիքէ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի աւարտէ այժմու իր մաս կազմած ակումբին հետ:
«Պարսելոնա պիտի ըլլայ ֆութպոլիստի իմ արհեստավարժ ասպարէզիս վերջին ակումբը: Երբ զգամ, որ այլեւս չեմ կրնար օգտակար դառնալ իմ ակումբիս, վերջ պիտի դնեմ այս ասպարէզիս», ըսաւ 34 տարեկան Փիքէ:
2008-ին Պարսելոնային միացած Փիքէ իր կազմին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 30 յունիս 2024: