Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, Գ. հանգրուանին գծով կատարեց զտումի իր երկրորդ մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Հարաւային Քորէայի:
Մրցակիցին դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին մայրիներու կազմը` Լիբանան, կրեց այս հանգրուանի իր առաջին պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Սհանկ-Հուն Քվոն, 60-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանան 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ:
Վերջինս երէկ արձանագրեց իր երկրորդ հաւասարութիւնը` Սուրիոյ հետ, 1-1 արդիւնքով:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Իրան, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` Իրաքի դէմ, 3-0 արդիւնքով: