Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ իր մասնակցութիւնը չբերաւ Ազրպէյճան-Փորթուգալ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին:
Ան կը գտնուէր Անգլիա, ուր իր նոր ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ կատարեց իր առաջին փորձը:
Կ՛ակնկալուի, որ անոր նորամուտը «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ տեղի ունենայ 11 սեպտեմբերին` Նիւքասըլի դէմ: