Իտալական Վերոնայի գլխաւոր մարզիչ Էօզեպիօ Տի Ֆրանչեսքօ երէկ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ պաշտօնազրկուեցաւ` իր օգնական մարզիչներուն հետ միասին:
Այս պաշտօնազրկումը տեղի ունեցաւ անոր մարզիչ նշանակումէն երեք ամիս ետք:
Տի Ֆրանչեսքօ, որ 7 յունիս 2021-ին գլխաւորած էր իտալական ակումբը, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր մինչեւ յունիս 2023:
53 տարեկան մարզիչին հետ Վերոնա Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») առաջին երեք հանգրուանի բոլոր մրցումներուն ալ պարտութիւն կրեց:
Ան նախապէս գլխաւորած է նաեւ Փեսքարան, Լեչէն, Սասուոլոն, Ա. Էս. Ռոման, Սամտորիան եւ Քալիարին (բոլորն ալ` իտալական):