Երէկ` երկուշաբթի, 13 սեպտեմբերին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ իր աւարտին հասաւ Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, երբ կատարուեցաւ աւարտական մրցումը` մրցաշարքին գործող ախոյեան Պէյրութի եւ սուրիական Սաուրայի միջեւ:
Լիբանանեան կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր նոյնինքն Սաուրայէն, յաջողեցաւ իր մարզական վրէժը լուծել անկէ եւ արձանագրելով 71-67 արդիւնքով յաղթանակ մը, տիտղոսը պահեց իր մօտ` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին («ԷՄ. ՎԻ. ՓԻ. ») տիրացաւ Այտա Պախոս:
Հակառակ Լիբանանի գրաւած տնտեսական տագնապին, Պէյրութ եկաւ բարձր պահելու Լիբանանի անունը` դառնալով տիտղոսակիր: