Ինչպէս ծանօթ է, 18-19 սեպտեմբերին թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Լիբանան «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ կը հիւրընկալէ Պրազիլը:
Նշենք, որ երկու օրերու վրայ երկարող այս մրցումները կ՛իյնան միջազգային Ա. կարգի մրցաշարքին ծիրին մէջ եւ բնականաբար անոնք կը նկատուին բաւական կարեւոր:
Այս ուղղութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ այսօր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ այս կարեւոր մրցումներուն եւ պիտի ներկայացնէ Լիբանանի տղոց կազմը: