Հայկական մարզական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ հայրենի երեք ճատրակ խաղացողներ, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք «Շարժա Մասթըրզ-4» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի հաւաքականի անդամներ Հայկ Մարտիրոսեան, Արամ Յակոբեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան պիտի ըլլան այս մրցաշարքին մասնակցողները:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 58 ճատրակ խաղացողներ:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական դրութեամբ եւ բաղկացած պիտի ըլլայ 9 հանգրուանէ:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 60 հազար ամերիկեան տոլար: