Իտալական Ա. Սէ. Միլանի 39 տարեկան շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ նախորդ շաբաթավերջին ոտքի վնասուածք ստացաւ, պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել այսօր Լիվըրփուլի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին գծով կատարուելիք մրցումին:
Իպրահիմովիչ, որ վիրաւոր ըլլալով ֆութպոլի դաշտերէն բացակայեցաւ չորս ամիսով, հազիւ ունեցաւ յաջող վերադարձ մը, սակայն դարձեալ վիրաւորուեցաւ Լացիօ Ռոմայի դէմ («Քալչիօ») արձանագրուած յաղթանակին (2-0):
Նշենք, որ Բ. խմբակին մէջ են նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Փորթօ: