Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Պարսելոնայի 18 տարեկան յառաջապահ Անսու Ֆաթի պատրաստ է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու քաթալոնական ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Այս մասին ֆութպոլիստը տեղեակ պահած է նաեւ ակումբի ղեկավարութեան:
Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը:
Նշուեցաւ, որ Պարսելոնա իր կարգին բաւական լուրջ բանակցութիւններ կը վարէ ֆութպոլիստին հետ:
Արժանթինցի ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսսիի Պարսելոնայէն հեռանալէն ետք Ֆաթի ստացաւ թիւ 10 մարզաշապիկը: