Ռուսական Քազան քաղաքին մէջ իրենց աւարտին հասան Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) երկիրներու առաջին խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան` տիրանալով 13 մետալի:
Անոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ, Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Տաճիկիստանէն, Ազրպէյճանէն եւ Ուզպեքիստանէն 14-23 տարեկան 1100-է աւելի մարզիկներ, որոնք 16 մարզաձեւերու մէջ պայքարեցան 181 մետալներու համար:
Հայրենի մարզիկները, որոնք 11 մարզաձեւերու մէջ մասնակցեցան 55 ներկայացուցիչներով, տիրացան 5 արծաթ եւ 8 պրոնզ մետալի:
Շատ հաւանական է, որ ԱՊՀ-ի երկիրներու երկրորդ խաղերը տեղի ունենան 2023-ին: