Ռէալ Մատրիտի եւ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ իր մասնակցութիւնը չբերաւ նախորդ շաբաթավերջին Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Լա Լիկա»):
32 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացած էր, իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը երէկ:
Արքայական ակումբին կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Նշենք, որ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ վաղը պիտի մրցի Ինթեր Միլանի դէմ: