Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եանկ Պոյզէն, Զուիցերիոյ մէջ:
Անգլիական կազմին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Այսպիսով, Եանկ Պոյզ հանդիսացաւ 36-րդ խումբը, որուն բերդէն Ռոնալտօ կը նշանակէ կոլ, վերոնշեալ մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Այս ցուցանիշով փորթուգալցի յառաջապահը հաւասարեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին:
Ցարդ որեւէ ֆութպոլիստ չէ կրցած այս հանգրուանէն աւելի երթալ:
Նշենք նաեւ, որ Ռոնալտօ դարձաւ երրորդ ֆութպոլիստը, որ այս մրցաշարքին ծիրին գծով կոլ կը նշանակէ` յաջորդաբար 16-րդ տարեշրջանն ըլլալով:
Նախապէս այս իրագործումը կատարած էին միայն Լիոնել Մեսսի եւ Քարիմ Պենզեմա: