Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Հայաստանի լրագրողներու խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ 11-13 սեպտեմբերին Լիթուանիոյ մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի 16-րդ միջազգային մրցաշարքին, ապահովելով 19 կէտ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 խումբեր` Հայաստանէն, Լաթվիայէն, Լեհաստանէն, Մոլտովայէն եւ Լիթուանիայէն: Վերջինս ունէր 5 խումբ:
Հայրենի կազմը արձանագրեց վեց յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ կրեց պարտութիւն մը:
Տիտղոսին տիրացաւ Մոլտովայի կազմը, որ իր կատարած բոլոր 8 մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով եւ իր բերդին մէջ ոչ իսկ կոլ մը ստանալով 24 կէտով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Հայաստանի կազմին մաս կազմող Դաւիթ Եղիազարեան, որ իր նշանակած 12 կոլերուն շնորհիւ հանդիսացաւ մրցաշարքին կոլ-սքորըրը, իբրեւ պարգեւ ստացաւ Լիթուանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզաշապիկը:
Նշենք, որ աւանդական այս մրցաշարքին կազմակերպիչն էր Լիթուանիոյ լրագրողներու միութիւնը: