Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մատրիտի քաղաքի երկու խումբերը` Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Սելթա Վիկոն, 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Յաղթական կազմէն ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (24-րդ, 46-րդ եւ 87-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիոր (54-րդ) եւ ֆրանսացի նորեկ Էտուարտօ Քամավինկա (72-րդ):
Իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ իր յաղթանակը արձանագրեց Պարսելոնայի մէջ, ուր 2-1 արդիւնքով յաղթեց Էսփանիոլին:
Մինչ այդ Սեւիլլա-Պարսելոնա մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասնակցած ֆութպոլիստները ուշացումով վերադարձան Սպանիա:
Այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ, որ ապահոված է 10 կէտ, իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Վալենսիան (2-րդ) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը (3-րդ):