Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, որ երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` 4-1 արդիւնքով, Մաքապի Թել Աւիւի (Իսրայէլ) դաշտին վրայ:
Հայկական կազմին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի յառաջապահ Ժոզէ Էմպալօ, 17-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ Ա. խմբակին մէջ են նաեւ ԷՅՉ. ՃԷՅ. ՔԷ. Հելսինքի եւ ԼԱՍՔ:
Ալեքսանտր Գրիգորեանի գլխաւորած կազմը իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին` Երեւանի մէջ հիւրընկալելով ֆինլանտական Հելսինքին:



