Լիթուանիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին, Փորթուգալ, որ մրցեցաւ Արժանթինի դէմ, հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան` արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Վարելա նշանակեց յաղթական կազմին կոլերը (15-րդ եւ 28-րդ), մինչ Արժանթինի կոլը` Քլաուտինօ (20-րդ):
Նշենք, որ Փորթուգալ առաջին անգամ ըլլալով է, որ կը հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան:
Ինչ կը վերաբերի Արժանթինի, անիկա տիտղոսին տիրացած էր 2016-ին:



